Ոչ Այդքան Մասնագիտական Ակնարկ մը Պիթքօյնի Մասին 🇦🇲

Սկսնակներու համար ընդհանուր ակնարկ մը Պիթքօյնի կարգուձեւին մասին 

English 🇬🇧 Espanol 🇪🇸 Française 🇫🇷 Italiano 🇮🇹 Português 🇧🇷 Romanian 🇷🇴 Swedish 🇸🇪 German 🇩🇪 Catalan 🛠 Chinese 🇨🇳 Taiwan 🇹🇼 Croatian 🇭🇷 Bosnian 🇧🇦 Slovenian 🇸🇮 Turkish 🇹🇷 Russian 🇷🇺 Arabic 🇸🇦 Norwegian 🇳🇴 Indonesian 🇮🇩 Greek 🇬🇷 Dutch 🇳🇱

Այս յօդուածը կրկնօրինակուած է «Պիթքօյն Ռիզըրվ Ճըրնըլ»ի սկզբնական աղբիւրէն: 

Ծանօթութիւն Այդ Շարքի 

Երբ առաջին անգամ ծանօթացայ Պիթքօյնին, ինծի համար անիկա պարզապէս թիւ մըն էր համակարգիչի պաստառին վրայ, որով կրնայի առեւտուր ընել. ցած գինով գնել, բարձր գինով ծախել, դրամ շահիլ: 

Բայց անիկա ատկէ շատ աւելին է: Մարդկութեան ընծայուած հրաշալի նուէրի մը հետ կարծես արհամարհանքով կը վարուէի ես: Անիկա շատ աւելի յարգանքի արժանի է: 

2018-ի սակարանի գիներու անկումին ընթացքին՝ երբ շահ ընելու խանդավառութիւնը վերացաւ եւ անոր ամբողջութեամբ ջնջուելուն ցաւը սուզուեցաւ մեր մէջ, որոշեցի կենալ: Գիտէի, որ պէտք էր համբերատար ըլլայի: Ունէի ժամանակ: Ուստի որոշեցի աւելի բան սորվիլ Պիթքօյնի մասին: Լա՛ւ որ այդպէս ըրի: Ապշեցայ: Այդ ժամանակէն ի վեր ես շարունակ կը սորվիմ: Մինչ կը սորվէի, ամէն բան իմաստ կը ստանար ինծի համար, եւ իմ համոզումս աւելցաւ: Նոյնպէս եւ ներդրումս: 

Ես ինծի հարց տուի. «Արդեօ՞ք ես կուրօրէն կը քալեմ ճամբու մը մէջ առանց հարցումներ հարցնելու»: Պատշաճ ջանասիրութիւնը կը պահանջէր, որ լրջօրէն փնտռէի Պիթքօյնի տկարութիւնները: 18 ամսուայ փնտռտուքներէ ետք՝ գրեթէ օրական դրութեամբ, ես չգտայ գոհացուցիչ պատճառ մը, թէ ինչո՞ւ պէտք չէ խենթի պէս պիթքօյն հաւաքել: 

Այս նիւթերու շարքին մէջ նախ պիտի բացատրեմ, թէ ի՛նչ է Պիթքօյնը եւ թէ ի՛նչպէս կ’աշխատիս անոր հետ: Քիչ-քիչ պիտի ներկայացնեմ այն առարկութիւնները եւ վտանգները (ռիսքերը), զորս ես եւ ուրիշներ գտած ենք: Ապա պիտի ներկայացնեմ այն պատասխանները, զորս գտած եմ ինչպէս նաեւ յաւելեալ բացատրութիւններ: 

Պիթքօյնը Հասկնալը Դժուար Է, Բայց Նաեւ Չէ 

Պիթքօյնը հասկնալը դիւրին չէ սկիզբը: Կը կարծեմ, որ աւելի լաւ է, որ նորեկի մը բացատրուի, թէ Ի՛ՆՉ է Պիթքօյնը եւ ո՛չ թէ անոր Ի՛ՆՉՊԷՍ գործելը: Ի՞նչ կրնայ ընել անիկա, ի՞նչ հարցեր կրնայ լուծել, եւ թէ ինչո՞ւ կարեւոր է: Պէտք չէ շատ շուտով մտնենք անոր Ի՛ՆՉՊԷՍ գործելու նիւթին մէջ: Պէտք չկայ: Անիկա բան մը չ’աւելցներ Պիթքօյնը մարդկութեան ընծայուած անհաւատալի նուէր մը ըլլալու հասկացողութեան եւ գնահատումին վրայ: 

Պիթքօյնը բացատրելը դիւրին չէ: Չկայ պարբերութիւն մը, որ կրնայ ընթերցողին փոխանցել անոր բոլոր ճակատագրական յատկութիւնները: Ամէն հակիրճ բացատրութիւն ձեւով մը սխալ տեղ կը տանի: 

Ատոր պատճառը մասամբ այն է, թէ Պիթքօյնի նման բան մը ասկէ առաջ գոյութիւն չէ ունեցած, ուստի չկայ բան մը, որուն հետ մարդիկ կրնան բաղդատել զանիկա: Ինքնաբերաբար բաղդատութիւններ կը կատարուին՝ օգնելու համար մարդոց, որ հասկնան գաղափարներ, բայց անոնք ճշգրիտ չեն եւ սխալ եզրակացութիւններու կ’առաջնորդեն: Անիկա հարցականի տակ կ’առնէ դրամի մասին շատ մը տարածուած գաղափարներ (որոնք սխալ են) եւ որոնք պարզի առնուած են եւ ընդունուած: Անիկա հարցականի տակ կ’առնէ ներկայիս տիրող աշխարհահայեացքներ, եւ ատիկա անհանգիստ կը դարձնէ մարդիկը: 

Ուրիշ պատճառ մը, որ անիկա դժուար է բացատրել այն է, որ անիկա ունի շատ մը տարբեր եւ բարդ մասեր՝ իւրաքանչիւրը ունենալով տարբեր գործունէութիւն մը: Իւրաքանչիւր մասը հասկնալով է միայն, որ կարելի կ’ըլլայ հասկնալ ամբողջը: Այդ բարդ մասերը աւելի դիւրին է հասկնալ եթէ մէկը հիմնական հասկացողութիւն ունի զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս՝ Համակարգիչի Գիտութիւն, Ծածկագրութիւն, Աւստրիական Տնտեսութիւն, Դրամի Պատմութիւն, Ընկերային Ցանցեր, Խաղի Տեսութիւն, Մարդկային Հոգեբանութիւն ինչպէս նաեւ Եղափոխութիւն/Յարմարագոյնին Յետակեցութեան Տեսութիւն: 

Սակաւ կամ Սահմանափակ Թիւ մը 

Պիթքօյնը պարզապէս միաթուային (տիճիթըլ) թիւ մըն է: Բայց անիկա սակաւ կամ սահմանափակ թիւ մըն է: Ի՞նչպէս կ’ըլլայ ատիկա: Անոր սակաւ կամ սահմանափակ ըլլալը անտրամաբանական կը թուի սկիզբը: «Անոնցմէ» միայն 21 միլիոն հատ կայ: Իւրաքանչիւրը կրնայ կտրուիլ մանր կտորներու՝ մինչեւ ութ տասանորդական տեղերու: Կրնաս ունենալ մինչեւ 0.00000001 չափ քիչ պիթքօյն: Անոնք իրականութեան մէջ քօյներ, այսինքն՝ երկաթէ դրամներ չեն. անոնք պարզապէս յատուկ թիւեր են: 

Անոնցմէ կտորներ կամ պիթեր կարելի է մէկ տեղէն ուրիշ տեղ փոխադրել, բայց այդ կտորները չեն կրնար նոյն ատեն երկու տեղի մէջ ըլլալ: Կարելի չէ կրկնօրինակել զանոնք: Ատիկա շատ յատուկ բան մըն է: 

Եթէ ես 0.5 պիթքօյն ունիմ եւ զանիկա կը ղրկեմ մէկու մը, ես այլեւս այդ կոտորակը չունիմ իմ քովս: Ասիկա տարբեր է ե-նամակէն այն իմաստով որ եթէ ես ղրկեմ ե-նամակ մը, կրնամ անոր պատճէնը կամ օրինակը քովս ունենալ: Թերեւս կրնայ օգնել քեզի (սկիզբը) որ որոշ քանակութեամբ պիթքօյնը նմանցնես իւրայատուկ ձեւով մը ճանչցուող ե-նամակի, որ իր մէջ կը պարունակէ թիւ մը, որ տուեալ ժամանակ մը կրնայ միայն մէկ տեղ գոյութիւն ունենալ: 

Ոչ մէկ միաթուային (տիճիթըլ) առարկայ երբեւէ այդ յատկութիւնը ունեցած է: Նաեւ նշեմ, որ առանց այդ յատկութեան, կարելի չէ ունենալ միաթուային դրամ առանց կեդրոնական համակարգիչի: 

Էջերու Շղթան կամ Պլոքչէյնը 

Եկէք քիչ մը աւելի բարդացնենք նիւթը: Պիթքօյնը պարզապէս թիւ մը չէ, այլեւ այն միաթուային (տիճիթըլ) «գիրքը» կամ տոմարը, ուր անիկա կ’արձանագրուի:  

Թիւերը (միաւորները) կը գրուին պարզ կամ փոքրատառ «պ»ով (պիթքօյն), իսկ գիրքը՝ գլխագիր «Պ»ով (Պիթքօյն): Տոմարը նաեւ կ’արձանագրէ այն հասցէները, որոնց հետ կապ ունի պիթքօյնը: Հիմակուհիմա այդ հասցէները առէք իբրեւ դրամատան հաշիւի թիւեր, որոնք իրենց մէջ «կը պահեն» պիթքօյններ: 

Պիթքօյնի Էջերու Շղթան (Պլոքչէյնը) կամ «գիրքը» կամ «տոմարը» կը պարունակէ ամէն հասցէի (հաշիւի) հաշուեկշիռը եւ ամէն շարժում, որ պիթքօյնը կ’ընէ եւ ըրած (գործարքները) իր ստեղծուելէն ի վեր: Կանգ առ եւ մտածէ այդ մասին պահ մը. ամէն հաշիւի ամէն գործարք սկիզբէն ի վեր: Ամբողջովին թափանցիկ դրամական համակարգ մը: Ոչ թէ թափանցիկ դրամատնային հաշիւ, այլ՝ թափանցիկ դրամական համակարգ

Նօթ- Հասցէներուն որո՛ւն պատկանիլը յայտնի չ’ըներ տոմարին մէջ, բայց հասցէի մը որո՛ւն պատկանիլը կարելի է հետեւցնել անոր հսկողութենէն: Այդ պատճառով գաղտնիութիւնը ինքնաբերաբար ձեռք ձգուելիք բան մը չէ, բայց կարելի է ձեռք ձգել լաւ վարժութիւններով կամ փորձառութեամբ: Եթէ Պիթքօյնը ամբողջութեամբ գաղտնի (փրայվէթ) ըլլար, ապա կարելի պիտի չըլլար այդ դրամական համակարգի ընդհանուր պարկեշտութիւնը հաշուեքննութեան ենթարկել: 

Էջերու Շղթան (Պլոքչէյնը) կարծես Դրամատան մը Տոմարն է: Բայց անիկա ատկէ տակաւին աւելին է: Անիկա տոմարն է ամբողջ դրամական համակարգի: 

Միջին հաշիւով ամէն 10 վայրկեանը գործարքներու նոր «էջ» մը կ’աւելցուի տոմարին, որ կը կոչուի՝ պլոք: Պատկերացուր իրական տոմար մը, ուր ամէն 10 վայրկեանը գործարքները կ’արձանագրուին միայն մէկ էջի մէջ: Որոշ սահման մը կայ էջերուն դարձուելուն համար, որպէսզի նոր էջի մը վրայ նոր գործարքներ արձանագրուին, եւ գիրքը շարունակ կ’աճի: 

Քանի որ տեղեկութիւնները կ’աւելցուին էջերու մէջ, եւ իւրաքանչիւր էջ կապուած է նախորդ էջին հետ (բացատրութիւն՝ յետագային), տոմարը կը կոչուի էջերու շղթայ կամ պլոքչէյն. շարունակ աճող կամ շատցող էջերու շղթայ մը: 

Պիթքօյնի ամէն բաժինի ստեղծումի պահը կարելի է գիտնալ՝ քննելով պատմութիւնը ամէն գործարքի, որուն մէջ դեր ունեցած է: Ամէն բանի հաշիւը կը պահուի: Ամէն բան իրարու հետ գումարուելով կատարեալ արդիւնք կու տայ: Հաշուապահի մը երազը:

Էջերու Շղթային նպատակը նոր տեղեկութիւնները ժամանակագրական ճիշդ կարգի մէջ դնելը չէ միայն, այլեւ այնպէս ընել, որ բաժինները միաթուայինօրէն (տիճիթըլլի) կապուած ըլլան, որուն շնորհիւ նախորդ էջերուն մէջ կատարուած որեւէ փոփոխութիւն անվաւեր կը դարձնէ յառաջիկայի էջերը: Ասիկա այդ դրամական համակարգը կը դարձնէ ապօրինի միջամտութիւնները (կեղծիքը) բացայայտող: Պեղումը կամ հանքափորութիւնը (մայնինկ) այդ համակարգը կը դարձնէ ապօրինի միջամտութիւններու (կեղծիքի) դէմ պաշտպանուած: Այդ մասին յետոյ պիտի խօսինք: 

Պիթքօյններ Ստեղծել 

Պիթքօյնը սկսաւ 3 Յունուար 2009-ին, անձի մը կամ խումբ մը անձերու կողմէ՝ ծանօթ Սաթոշի Նաքամոթօ կեղծանունով: Ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛վ է «ան», եւ «ան» անհետացած է Պիթքօյնը ստեղծելէն կարճ ժամանակ ետք: 

Տոմարին առաջին էջին մէջ՝ առաջին պլոքին, միայն 50 պիթքօյններ ստեղծուած էին: Ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա: Ատիկա կը նշանակէ, թէ առաջին բաժինին մէջ առաջին տեղեկութեան արձանագրութիւնը 50 պիթքօյններու գործարք մըն էր. ճիշդ ինչպէս կրնաս բանալ նոր գիրք մը եւ գրես՝ «Ես ունիմ 50 տոլար»: 

Շատ մի խորանաք այն իրականութեան մէջ, թէ անոնք ըստ երեւոյթին ստեղծուած են ոչինչէն. այդ սկզբնական բնական ընդդիմութիւնը կը մեղմանայ մինչ կը շարունակէք այս նիւթերու շարքը: 

Պիթքօյնի «գիրք»ին մէջ աւելցուած ամէն նոր էջի համար 50 յաւելեալ քօյներ աւելցուեցան: «Էջեր»էն իւրաքանչիւրին մէջ նոր աւելցուած քօյներուն կողքին կայ նաեւ ամէն պիթքօյնի շարժում, որ տեղի ունեցած է մէկ անձէն ուրիշի մը՝ ինչ որ կը կոչուի «գործարք»: 

Ամէն 210,000 էջէ կամ պլոքէ ետք պիթքօյնի ստեղծման արագութիւնը կէսի կ’իջնէ, այսինքն՝ 210,001-րդ էջին մէջ, 25 պիթքօյն ստեղծուեցաւ 50-ի փոխարէն: Ապա 420,001-րդ էջին մէջ, 12.5 պիթքօյն ստեղծուեցաւ 25-ի փոխարէն, իսկ 630,001-րդ էջին մէջ՝ 12 Մայիս 2020-ին, 6.25 պիթքօյն ստեղծուեցաւ 12.5-ի փոխարէն: Այդ իրադարձութիւնները կը կոչուին Պիթքօյնի Կիսով Կրճատումներ («հաֆինկզ»): 

Մօտաւորապէս 2140 թուականին՝ մինչ հետզհետէ աւելի քիչ պիթքօյններ կը ստեղծուին էջերուն (պլոքներուն) մէջ, պիտի գայ օր մը երբ ամէնէն փոքր մասնիկը (0.00000001 պիթքօյն, որ կը կոչուի «Սաթոշի») պիտի ստեղծուի ամէն մէկ էջի մէջ եւ անիկա այլեւս կարելի չէ կիսել: Ատոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուած պիտի ըլլայ 21,000,000 պիթքօյն, եւ այլեւս նորերը պիտի չստեղծուին: Ներկայիս շուրջ 18.5 միլիոն պիթքօյն ստեղծուած է: 

x-axis -> Year = Տարի 
y-axis -> Total Number of Bitcoins (millions) = Պիթքօյններուն Ընդհանուր թիւը (միլիոնով) 
result -> Total Number of Bitcoins over time = Պիթքօյններուն Ընդհանուր թիւը ժամանակի ընթացքին 

Հանգոյցները (Նոտեր). Էջերու Շղթան (Պլոքչէյնը) Կը կրկնօրինակուի, Բայց Պիթքօյնները՝ Ոչ 

Կարեւոր է նշել, որ հակառակ անոր որ պիթքօյնի մասնիկները (եունիթները) կարելի չէ կրկնօրինակել տոմարին մէջ, տոմարը ինքնին՝ Պիթքօյն կոչուած գլխագիր Պ-ով, կարելի է կրկնօրինակել եւ կը կրկնօրինակուի միշտ: Ատիկա կարեւոր բան մըն է յարձակումի կամ դադրեցումի դէմ անոր պաշտպանուելուն համար: 

Տոմարին կրկնօրինակները (քոփիները) կը գտնուին հազարաւոր համակարգիչներու մէջ աշխարհի շուրջ, եւ բոլորն ալ իրարու հետ կապուած են ցանցի մը մէջ ինչպէս նաեւ համաժամանակուած են (սինքրոնայզտ) իրարու հետ: Այդ համակարգիչները կը կոչուին «հանգոյցներ» («նոտ»եր): 

Ասիկա իմ անձնական Պիթքօյնի Հանգոյցս է՝ նման աշխարհի շուրջ գտնուող հազարաւոր ուրիշներու: Անիկա Ռասպըրի Փայ է (շատ աժան, քիչ ելեկտրականութիւն գործածող համակարգիչ մը)՝ կապուած արտաքին տեղեկութիւն պահող սարքի մը կամ հարտ տրայվի մը: Այդ համակարգիչը համացանցին կապուած է իմ տանս ցանցին միջոցաւ: 

Ոեւէ մէկը կրնայ մասնակցիլ այս «հանգոյցներու» (նոտերու) ցանցին:‌ Պարզապէս պէտք է համակարգիչին մէջ իջեցնել (տաունլոտ«Պիթքօյն Քոր» (Bitcoin Core) կոչուած ծրագիրը (սոֆթուէրը)՝ bitcoin.org-էն, եւ կապուիլ «Պիթքօյն Քոր» ունեցող միւս համակարգիչներուն՝ համացանցին միջոցաւ (հաղորդակցութիւնը ինքնաբերաբար տեղի կ’ունենայ): 

bitcoin.org-էն «Պիթքօյն Քոր» ծրագիրը իջեցնելու էջը 

Ապա նոր իջեցուած ծրագիրը կը հաղորդակցի նոյն ծրագիրը աշխատցնող միւս համակարգիչներուն հետ՝ կրկնօրինակելու համար Պիթքօյնի Էջերու Շղթան (Պլոքչէյնը): Անիկա այդ կապակցութիւնները կ’ընէ՝ կարենալ մաս կազմելու համար ընդհանուր ցանցին: 

Մէյ մը որ նոր հանգոյց (նոտ) մը կը համաժամանակուի (սինքրոնայզտ) միւսներուն հետ, կը սպասէ (միւս բոլոր հանգոյցներուն նման), որպէսզի նոր էջեր կամ պլոքներ ստեղծուին (պեղողներուն (մայնըրներուն) կողմէ): Ատոնք կը տարածուին ցանցին մէջ, եւ բոլոր համակարգիչները կը թարմացնեն (ափտէյթ) իրենք զիրենք: Հանգոյց մը կրնայ ինքզինք անջատել ցանցէն որեւէ պատճառով եւ ապա դարձեալ վերադառնալ անոր որեւէ ատեն: Անիկա պարզապէս պէտք պիտի ունենայ հասնելու միւսներուն՝ նոր էջերը (պլոքները) աւելցնելով: 

Էջերու Շղթային (Պլոքչէյնին) անցեալը կարելի չէ փոխել: Անիկա մնայուն արձանագրութիւն մըն է բոլոր գործարքներուն եւ անիկա տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Անիկա կարելի չէ արմատախիլ ընել: Պիթքօյնը դադրեցնելու համար, բոլոր հանգոյցները պէտք է գտնուին եւ փճացուին: Քանի որ ատիկա ընելը գործնականապէս անկարելի է, Պիթքօյնը դադրեցնելը գործնականապէս անկարելի է: 

Արագ Վերաքաղ մը 

Հակիրճ կերպով ամփոփելու համար մինչեւ հիմակուան ըսուածները, Պիթքօյնի Էջերու Շղթան (Պլոքչէյնը) կը պարունակէ իրարու կապուած էջերու շղթայ մը՝ իւրաքանչիւրը ունենալով նոր («ոչինչէն») ստեղծուած պիթքօյններ եւ որեւէ շարժում, որ պիթքօյններուն տէրը ըրած է (գործարքներ): Նոր էջեր կ’աւելցուին միջին հաշիւով ամէն 10 վայրկեանը, եւ հազարաւոր համակարգիչներ ամբողջ շղթայի նոյնանման, թարմացուած կամ այժմէական կրկնօրինակը կը պահեն իրենց մէջ: 

Պիթքօյն Մթերել. Անձնական Գաղտնի Բանալիները 

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ իրականութեան մէջ երբեք չես կրնար «տիրանալ» կամ «ունենալ» պիթքօյններ՝ այն իմաստով որ սովորաբար կը հասկնանք «տիրանալ» եւ «ունենալ» բառերը: Պիթքօյնի քանակները պարզապէս թիւեր են՝ Էջերու Շղթայի (Պլոքչէյնի) մեծ թիւով նոյնանման կրկնօրինակներուն վրայ (զորս բոլորը կրնան տեսնել)՝ կապուած գիրերէ եւ թիւերէ բաղկացած «թելով» մը (սթրինկ), որ կը կոչուի Պիթքօյնի «հասցէ»: 

Քու ունեցածդ բանալի մըն է: Բանալին գաղտնի «անցաբառ» («փասուըրտ») մըն է: Անիկա իրականութեան մէջ պատահականօրէն առաջացուած, չափազանց մեծ երկեակ (binary) թիւ մըն է (զերօներէ եւ մէկերէ բաղկացած), որ միայն քեզի մատչելի է կամ զոր միայն դուն կրնաս գիտնալ: Դուն կրնաս գիտնալ թիւը, բայց չես կրնար տիրանալ անոր (կամ ունենալ զայն): Ուստի դուն գիտես բանալին, բայց չես տիրացած անոր: Բայց «տիրանալ» բառը գործածելը աւելի դիւրին է եւ ընդհանրապէս ընդունուած: 

Քանի որ թիւը մեծ է եւ պատահական, երկու հոգիի երբեք նոյն բանալին պիտի չտրուի: 

Օրինակ մը Պիթքօյնի անձնական գաղտնի բանալիի (անոնք կրնան ասկէ երկու անգամ աւելի երկար ըլլալ): 

Նկատի առ, որ կան 11 միաւորներէ բաղկացած երկեակ թիւերու 12 խումբեր: 

Այդ թիւը մարդ արարածի մը համար դժուար է գրել: Ուստի զարգացուեցաւ համակարգ մը՝ կարգուձեւ մը (փրոթոքոլ), որուն մէջ բառեր կրնան գործածուիլ՝ այդ թիւը ներկայացնելու համար: Վարը կը տեսնէք խումբ մը բառեր, որ հաւասար է վերի թիւին. 

(Խառնել փոխադրակառք նորոգել միայն պարտէզ փոխել աղտ առանձին քաղաքացի կաղամբ աղբ վայելել)…. 12 բառեր- Իւրաքանչիւր բառ կը ներկայացնէ կարգուձեւին (փրոթոքոլին) կողմէ սահմանուած 11 միաւորներէ բաղկացած երկեակ թիւ մը: 

Անձնական գաղտնի բանալին կը գործածուի ստեղծելու համար յատուկ (այդ բանալիին յատուկ) անսահման թուացող պիթքօյնի հասցէներու խումբ մը՝ գործածելով մաթեմաթիկական նախասահմանուած բանաձեւ (ֆորմիւլա) մը: Վարը կը տեսնէք վերի բանալիին առաջին քանի մը հասցէները: 

‌Եթէ Պիթքօյնի Էջերու Շղթային մէջ կայ հասցէ մը, որուն վրայ նշուած է, թէ կապ ունի պիթքօյնի մը հետ, եւ եթէ դուն ես «տէրը» այն անձնական գաղտնի բանալիին, որ շինած է այդ Պիթքօյնի հասցէն, ապա դուն ունիս իշխանութիւնը վերցնելու պիթքօյնը այդ հասցէէն եւ ղրկելու զայն որեւէ ուրիշ Պիթքօյնի հասցէի, որ ուզես: 

Եթէ զանիկա տանիս հասցէի մը, որ կապուած է ուրիշ մէկու մը անձնական գաղտնի բանալիին, ապա այդ անձը կրնայ հակակշռել (քոնթրոլ) այդ պիթքօյնին ատկէ ետք ո՛ւր երթալը: Դուն այդպիսով վճարում մը ըրած կ’ըլլաս անոր: Քու Պիթքօյնի հասցէիդ հաշուեկշիռը անկում կ’արձանագրէ, եւ անոր հասցէին հաշուեկշիռը աճ կ’արձանագրէ՝ ճիշդ վճարումին գումարին չափով: 

Պիթքօյնի Էջերու Շղթան կարելի է նաեւ նմանցնել հանրային վայրի մը մէջ շինուած գրութիւններու պատի մը, զոր ամէն մարդ կրնայ տեսնել: Դուն կրնաս փոփոխութիւններ ընել այդ պատին վրայ եթէ փաստես, որ բանալին ունեցողը դուն ես: 

Այդ փաստը կու գայ գործարք մը ստորագրելու համար անձնական գաղտնի բանալիդ գործածելէդ:Ատիկա հիմնուած է ծածկագրութեան վրայ. Պիթքօյն գործածելու համար պէտք չունիս ատկէ աւելին հասկնալու: Ատիկա տեղի կ’ունենայ տեսնուած էջին ետեւը (պաքրաունտ), եւ քու դրամապանակդ կը լուծէ այդ հարցը քեզի համար: Յաջորդ նիւթը՝ դրամապանակները… 

Պիթքօյն Մթերել. 

Դրամապանակները 

Դրամապանակ մը համակարգչային ծրագիրի (սոֆթուէրի)  կտոր մըն է, որ կը պահէ քու անձնական գաղտնի միաթուային (տիճիթըլ) բանալիդ: Դրամապանակը մաս չի կազմեր Պիթքօյնի Էջերու Շղթային. անիկա կը հաղորդակցի անոր հետ: Անիկա անձնական կամ գաղտնի ծրագիր (սոֆթուէր) մըն է: 

Դրամապանակը իրականութեան մէջ ինքնին պիթքօյն չունի իր մէջ: Անիկա Պիթքօյնի Ցանցին կը հարցնէ՝ «Ո՞րքան պիթքօյն կայ իմ հասցէներուս մէջ»: 

Յիշենք, թէ անձնական գաղտնի բանալին է, որ մաթեմաթիկական կերպով անսահման հասցէներ կը շինէ եւ կը հակակշռէ կամ կը կառավարէ այդ հասցէներուն հետ կապուած պիթքօյնին «ծախսելիութիւնը» («սփենտըպիլիթի»ն): Բոլոր հասցէները յատուկ են այդ բանալիին: Քանի որ դրամապանակը գիտէ անձնական գաղտնի բանալին, անիկա կրնայ գիտնալ նաեւ հասցէները: Կրնաս դրամապանակին բազմաթիւ կրկնօրինակները ունենալ զանազան ելեկտրոնային սարքերու վրայ՝ իւրաքանչիւրը ունենալով նոյն անձնական գաղտնի բանալին, եւ հետեւեաբար իւրաքանչիւրը ցոյց կու տայ նոյն պիթքօյնի հասցէները: 

Պիթքօյնի Դրամապանակ մը  

Պիթքօյնի Անձնական Բանալի –Հասցէներ – Հաշուեկշիռներ

Եթէ բանալի մը կորսուի, անոր կառավարած պիթքօյնը ոչ ոք կրնայ ծախսել: Պիթքօյնը տակաւին գոյութիւն ունի Պիթքօյնի Էջերու Շղթային մէջ, բայց կարելի չէ զանիկա ծախսել (փոխադրել ուրիշ հասցէի մը) եւ գործնական իմաստով «կը կորսուի» կամ «անծախսելի» կ’ըլլայ: 

«Դրամապանակ» բառը կրնայ շփոթի մատնել նորեկները, որովհետեւ անիկա կը գործածուի երկու ձեւերով. առաջին գործածութիւնը կը նկարագրէ այն համակարգչային ծրագիրը (սոֆթուէրը), որ ունի կամ կը պահէ քու բանալիներդ: Երկրորդը կը նկարագրէ այն բոլոր հասցէները, որոնք շինուած են անձնական գաղտնի բանալիով մը: 

Համակարգչային ծրագիր (սոֆթուէր) (կը կոչուի՝ դրամապանակ) –> ունի անձնական գաղտնի բանալին –> հասցէներու հաւաքածոյ (կը կոչուի՝ դրամապանակ)
Պիթքօյնի Համակարգչային Ծրագիրի (Սոֆթուէրի) Դրամապանակը կրնայ ունենալ կամ պահել որեւէ անձնական գաղտնի բանալի, եւ՝ մէկէ աւելի 

Օրինակ մը նոր ստեղծուած դրամապանակի մը. 

Գործարքներ 

Պիթքօյնի գործարք մը հետեւեալ ձեւով կրնաք պատկերացնել. տեղեկութիւններու փոքր ծրար մը, որ կ’ըսէ, թէ ո՛րքան պիթքօյն պիտի փոխադրուի, ծագումի հասցէ մը, երթալիք տեղի հասցէն եւ ստորագրութիւն մը: Դրամատնային վճարագիրի մը կամ չէքի մը պէս. գումարը, վճարողը, ստացողը, ստորագրութիւն: 

Գործարքը կ’արտադրուի ղրկողին համակարգչային ծրագիրի (սոֆթուէր) դրամապանակին կողմէ, կը ստորագրուի  դրամապանակին մէջ գոյութիւն ունեցող անձնական գաղտնի բանալիով, եւ ապա դրամապանակը գործարքի տեղեկութիւնը կը ղրկէ Պիթքօյնի հանգոյցի (նոտի) մը: Կը նմանի մարդու մը, որ չէք մը կը գրէ եւ անիկա ստացողին չի տար, այլ՝ ուղղակիօրէն կը դնէ զայն ստացողին դրամատնային հաշիւին մէջ: 

Ապա այդ հանգոյցը կը ստուգէ եթէ գործարքը վաւերական է (այսինքն՝ չի խախտեր Պիթքօյնի օրէնքները). շարք մը բաներու կողքին կը ստուգուի նաեւ եթէ անձնական գաղտնի բանալիին ստորագրութիւնը հարազատ կամ իսկական է: Ատիկա նման է դրամատան պաշտօնեայի մը, որ կը ստուգէ, թէ չէքը գրող անձը բաւարար գումար ունի՞ իր հաշիւին մէջ կամ ոչ, եւ թէ չէքին վրայի ստորագրութիւնը ճի՞շդ է կամ ոչ: 

Հանգոյցը կ’ընդունի գործարքը եթէ անիկա վաւերական է, եւ միայն այդ ատեն զանիկա կը փոխանցէ ուրիշ հագոյցներու: Նկատի առ, որ անձնական գաղտնի բանալին կը գործածուի ստորագրելու համար գործարք մը, եւ ստորագրութիւնն է եւ ոչ թէ անձնական գաղտնի բանալին, որ կը փոխանցուի հանգոյցներուն եւ հանրային էջերու շղթային կամ պլոքչէյնին: 

Իւրաքանչիւր հանգոյց, որ կ’ընդունի նոր գործարքը, զանիկա կ’աւելցնէ սպասման ցանկի մը վրայ, որ կը կոչուի՝ «մէմփուլ» (“mempool”): Իւրաքանչիւր հանգոյց սպասման ցանկի իր սեփական կրկնօրինակը (քոփին) կը պահէ իր քով: 

Գործարքները կը մնան «մէմփուլ»ին մէջ՝ սպասելով, որ Պիթքօյնի հանքափորները (մայնըրները) առնեն զանոնք եւ աւելցնեն յաջորդ Պիթքօյնի էջին: (Յաջորդ բաժինին մէջ պիտի խօսինք պեղումի կամ հանքափորութեան մասին (մայնինկ)): Հանքափոր մը կամ մայնըր մը կը վերջնականացնէ էջը (պլոքը) (այսինքն՝ կը ստուգէ, որ ամէն բան վաւերական է եւ չեղեալ պիտի չհամարուի- Թարգմանիչ), եւ կը ղրկէ զանիկա հանգոյցին (նոտին), եւ անոր վաւերականութիւնը ստուգելէ ետք, հանգոյցը զանիկա կը փոխանցէ միւս բոլոր հանգոյցներուն, որոնք իրենց կարգին կը ստուգեն անոնց վաւերականութիւնը: Էջը եւ անոր մէջ եղող բոլոր նոր գործարքները այդպիսով մաս կը կազմեն Էջերու Շղթային: 

Եթէ դրամապանակ մը ունի հասցէ մը, որ վճարում մը կ’ակնկալէ, կը ստուգէ, թէ պէտք եղած գործարքը աւելցուա՞ծ է էջերու շղթային մէջ կամ ոչ: Էջերու շղթային մէջի նոր տեղեկութիւնները կը գործածուին թարմացնելու կամ այժմէականացնելու համար դրամապանակին մէջ երեւցող հաշուեկշիռը: 

Օրինակ մը տանք՝ ատիկա բացատրելու համար: Ըսենք, թէ Ալիս Պոպին 1.0 պիթքօյն կը վճարէ: Փոխանցումի ծախսերը պիտի անտեսեմ՝ նիւթը պարզ պահելու համար: Վարի նկարին ձախ կէսին մէջ, Ալիսին դրամապանակը ունի հասցէ մը (3-րդ հասցէն), որուն մէջ կայ 1.0 պիթքօյն:Ալիս ճիշդ այդ գումարի վճարում մը կ’ընէ Պոպի 3-րդ Պիթքօյնի հասցէին, որ իր մէջ ունի 5.15 պիթքօյն: Պոպ Ալիսին ըսաւ, թէ ի՛նչ է իր 3-րդ հասցէն (այսինքն՝ վաճառագիր մը (ինվօյս մը) տուաւ), եւ Ալիսի դրամապանակը ըրաւ գործարք մը, որ կը նկարագրէ ծագումի եւ հասնելիք տեղի հասցէները ինչպէս նաեւ փոխանցուելիք գումարը: 

Ալիս ապա միաթուային (տիճիթըլ) ստորագրութիւն մը կ’աւելցնէ գործարքին համար եւ կը հրատարակէ զանիկա Պիթքօյնի ցանցին վրայ (գործարքը կը ղրկէ հանգոյցի մը մէմփուլին, հանքափոր մը գործարքը կը դնէ էջի մը կամ պլոքի մը վրայ, էջը կամ պլոքը ետ կը ղրկուի հանգոյցի մը, նոր էջը կամ պլոքը կը տարածուի բոլոր հանգոյցներուն): Երկուքին դրամապանակներն ալ կը թարմացնեն իրենք զիրենք (ափտէյթ կ’ընեն)՝ էջերու շղթայի տեղեկութիւններուն համաձայն (համացանցին միջոցաւ հանգոյցի մը հարցնելով): 

Վարի նկարի աջ կողմը կը տեսնենք երկու դրամապանակներուն կարգավիճակը՝ գործարքին վերջնակացնուելէն ետք: 

Ալիսի դրամապանակին 3-րդ հասցէն ունի 0 պիթքօյն: Պոպի ստացող հասցէն հիմա ունի 6.15 պիթքօյն 5.15 պիթքօյնի փոխարէն: Պոպի վճարումը կատարուած է: 

Պեղում/Հանքափորութիւն (Մայնինկ

Պէտք չունիք հասկնալու հանքափորութեան ներքին գործերը՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչպէս կը գործէ Պիթքօյնը: Հաւանաբար ալ պէտք չէ նոյնիսկ փորձես պիթքօյն պեղել կամ հանքափորութիւն ընել իբրեւ անհատ մը: Ընդհանուր առումով այլեւս շահաբեր չէ: Հանքափորութիւնը գլխաւորաբար շահաբեր է մեծ ընկերութիւններու համար, որոնց համար մատչելի է ցած գինով ելեկտրականութիւն: Վարը կը գտնէք նկարը հանքափորութեան պզտիկ «ագառակ»ի («ֆարմ»ի) մը: 

Հանքափորութեան մասին միայն հիմնական հասկացողութիւն մը պէտք է՝ հասկնալու համար, թէ Պիթքօյնը ի՛նչպէս կը գործէ. ճիշդ այնպէս ինչպէս ոսկի հաւաքող մը պէտք չունի գիտնալու, թէ ի՛նչպէս ոսկի կը հանեն հանքերէն: 

Հանքափորութիւնը կը կատարուի էջ առ էջ (պլոք առ պլոք), եւ հանքափորները բոլորը կը մրցին յաջորդ էջը կամ պլոքը պեղելու մէջ: Ատիկա ընելու համար անոնք համակարգիչի ոյժ կը գործածեն փնտռելու համար յատուկ թիւ մը՝ շարունակ փորձելու եւ սխալելու ձեւով: Իրականութեան մէջ «հաշիւ» մը չէ, որ կ’ընեն, հակառակ անոր որ յաճախ այդպէս կը նկարագրուի կատարուածը: Բիրտ ոյժի կարիքը կայ պարզապէս, եւ ատոր համար ալ ելեկտրականութիւն պէտք է: 

Երբ յաջորդ էջի թիւը կը գտնուի, պեղողը այդ էջին մէջ պիթքօյն կը ստանայ իբրեւ վարձատրութիւն: Էջին մէջ ուրիշ մարդոց գործարքներուն կողքին, իւրաքանչիւր պեղող կը կատարէ մէկ գործարք, որ գործնականօրէն կ’ըսէ՝ «Իմ հասցէս ունի 6.25 նոր ստեղծուած պիթքօյն»: Էջին մէջ միւս բոլոր գործարքները պիթքօյնի շարժումներ են եւ ոչ պիթքօյն ստեղծել: 

Այդ վարձատրութեան շնորհիւ է, որ կանոնաւոր կերպով պիթքօյններ կը ստեղծուին իւրաքանչիւր էջի մէջ: Քանի որ պեղողը գտաւ յատուկ թիւը, ան փաստած եղաւ, որ համակարգիչի գործը կատարուած է, եւ այդպիսով երբ էջը կը փոխանցուի հանգոյցներուն, անոնք կ’ընդունին պիթքօյնի այդ ստեղծումը եւ վաւերական կը համարեն զանիկա: Ո՛վ որ առաջինը կ’ընէ ատիկա (խօսքը իւրաքանչիւր էջի համար է), կը յաղթէ: Երկրորդը ըլլալը անպտուղ է: Երբ յաղթողը կը գտնուի, բոլոր միւս պեղողները կը սկսին ջանք թափել շահելու համար յաջորդ էջը: 

Ոեւէ մէկը, որ կը փորձէ խարդախութիւն ընել պիտի ձախողի, քանի որ ան ճիշդ թիւը գտած պիտի չըլլայ: Թիւը գտնելը շատ դժուար է, եւ հանգոյցներուն համար շատ դիւրին եւ արագ է ստուգելը, թէ անիկա վաւերակա՞ն է կամ ոչ: 

Այդ համակարգչային ջանքը ոյժ ՎԱՏՆԵԼ ՉԷ: Անիկա պաշտպանութեան մեքանիզմ մըն է: Պեղողները կը սպառեն այդ ոյժը՝ ակնկալելով վարձատրութիւն պիթքօյնի ձեւով: Ոեւէ յարձակող, այսինքն՝ մէկը, որ կ’ուզէ ապօրինի միջամտութիւն ընել էջերու շղթային մէջ, պէտք է ամբողջ աշխարհի պեղումի զօրութենէն աւելի՛ ոյժ սպառէ, եւ ապա ձախողելու պարագային ՈՉ ՄԷԿ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ձեռք ձգէ: Որքան ոյժ սպառուի պեղողներուն կողմէ այդքան աւելի սուղ կ’ըլլայ Պիթքօյնի դէմ յարձակում ընելը: 

Ամբողջ աշխարհի շուրջ պեղումի համար սպառուող համակարգիչի ամբողջ ոյժը ՄԻԱՑՈՒԱԾ կը պաշտպանէ ամբողջ Պիթքօյնի համակարգի ամբողջականութիւնը կամ անեղծութիւնը: Ատիկա կը պաշտպանէ էջերու շղթան, այնպէս որ ոչ ոք կրնայ փոփոխութիւններ ընել Պիթքօյնի օրէնքներուն մէջ կամ ալ «դրամ» գողնալ: 

Այդ ընդհանուր ապահովութեան կողքին, կայ նաեւ անձնական ապահովութիւն: Երբ պիթքօյնը կը հակակշռես անձնական գաղտնի բանալիով մը, քու «հակակշիռդ» (քոնթրոլդ) կը պաշտպանուի քու բանալիդ ապահով եւ գաղտնի պահելովդ: Եթէ մէկը քու անձնական գաղտնի բանալիդ ձեռք ձգէ, ան կրնայ գողնալ «դրամ»դ, եւ ատիկա կրնայ ընել առանց Պիթքօյնի օրէնքները խախտելու: 

Ինչո՞ւ Պիթքօյնը Կրնայ Դրամ Համարուիլ 

Պիթքօյնը կրնայ դրամ համարուիլ, որովհետեւ անիկա ունի դրամի մը բոլոր փափաքելի յատկանիշները: Անիկա բաժանելի, փոխադրելի, դիմացկուն, ճանաչելի, փոխանցելի է (լումայափոխութեան միջոց) ինչպէս նաեւ արժէք կը չափէ (հաշիւի միաւոր է) եւ դիւրութեամբ կը վաւերացուի: Կարեւորագոյն բանը այն է, որ անիկա կախեալ չէ մարդոցմէ կամ կեդրոնական համակարգումէ, եւ կարելի չէ իջեցնել արժէքը աւելի շատը ստեղծելով: 

Հակառակ առարկութիւն մը (որ յառաջիկային հրատարակուելիք յօդուածի մը մէջ պիտի քննարկենք) այն է, թէ դրամը պէտք ունի «իրական արժէք»ի (“intrinsic value”): Իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան իրական արժէք ունի: Առարկութիւնը այս ձեւով կարելի է ըսել. «Անիկա պէտք է ունենայ դրամէն բացի ուրիշ բանի դիմաց արժէք մը»: Ատիկա ալ ճիշդ չէ: Դրամը պէտք չունի ուրիշ այլընտրական արժէքի մը: Անիկա լեզու մըն է: Արժէքի լեզուն. 

Անիկա բաղդատէ անգլերէն լեզուին. անգլերէնի նպատակը ԻՄԱՍՏ «ամբարել» եւ հաղորդելն է: Անգլերէնը չունի «իրական իմաստ»: Բառերը ինքնին պարզապէս վերացական նշաններ կամ ձայներ են: Մարդիկ անգլերէն չեն խօսիր, որովհետեւ կը հաւատան, թէ իրական արժէք մը կայ անոր մէջ: Անոնք ատիկա կ’ընեն, որովհետեւ այն մարդիկը, որոնց հետ կը հաղորդակցին եւս կը խօսին նոյն լեզուն: Լեզուն խօսող մարդոց ցանցը սկսաւ պզտիկ եւ ապա մեծցաւ: 

Ազատ շուկայի դրամին հետ կապուած (ոչ թէ կառավարութեան ստիպած դրամին), մարդիկ կը խօսին արժէքի լեզուն անոնց հետ, որոնք կ’ընդունին այդ լեզուն: Ճիշդ ինչպէս անգլերէն լեզուն պէտք չունի իրական արժէքի իբրեւ լեզու մը ընդունուելու համար, դրամն ալ պէտք չունի իրական արժէքի՝ իբրեւ լեզու մը ընդունուելու համար: 

Դրամին համար որեւէ այլընտրական արժէք պարզապէս օգտակար է լեզուն որդեգրելու սկսնական հանգրուաններուն համար: Մէյ մը որ ընդունուի անիկա, այլընտրական արժէքը այլեւս անտեղի կը դառնայ. անիկա կրնայ նոյնիսկ անհետանալ եւ ատիկա հարց մը չ’ստեղծեր: Այդպէս էր, որ ոսկին աճեցաւ իբրեւ դրամի լեզուն: Անոր ուրիշ նպատակներով օգտակար ըլլալը աղուոր է, բայց անտեղի: Իր դրամական գերակայ յատկանիշներուն եւ յարաբերական սակաւութեան պատճառով էր, որ իբրեւ ազատ շուկայի դրամ անոր գերիշխանութիւնը աճեցաւ եւ ոչ թէ անոր այլընտրական գործածութիւններուն կամ այլընտրական արժէքին պատճառով: 

Հիմա, առաջին անգամ ըլլալով, կայ բան մը, որ շա՜տ աւելի լաւ է քան ոսկին: Պարզապէս ժամանակի հարց է, որ մարդիկ սորվին այդ լեզուն: 

Դրամի թեկնածու մը պէտք ունի ոչ միայն պէտք եղած կալուածներուն, այլեւ ընկերային ընդունելութեան, եւ ազատ շուկայի մը մէջ պէտք ունի սկսելու իբրեւ լաւագոյնը: Մէյ մը որ ընդունելութեան գագաթնակէտ կը հասնի, այլեւս պէտք չունի լաւագոյնը ըլլալու: Կրնայ բաւարար չափով լաւ ըլլալ իբրեւ դրամ, եւ որեւէ նոր մրցակից, որ միայն քիչ մը աւելի լաւ է, չի կրնար իր տեղը առնել: 

Լեզուի օրինակով բացատրելու համար, եթէ մէջտեղ գայ լեզու մը ճիշդ անգլերէնին պէս է բայց քիչ մը աւելի գեղեցիկ հնչող, կ’ըսենք, թէ անիկա քիչ մը աւելի լաւ է, բայց անիկա անգլերէնին տեղը չ’առներ: Անգլերէնը կը մնայ գերիշխող, որովհետեւ անիկա արդէն իսկ գերիշխող էր: Այդ է պարագան ցանցերուն: 

Ընդհակառակը, պատճառը, որ Պիթքօյնը պիտի առնէ ոսկիին տեղը այն չէ, որ անիկա քիչ մը աւելի լաւ է, այլ՝ անիկա շա՜տ աւելի լաւ է: Անիկա հաւանական է, որ յաղթէ գերիշխող ազատ շուկայի դրամին, որովհետեւ անիկա կը լուծէ ոսկիի մեծագոյն տկարութիւններուն հարցը: 

Ոսկիի տկարութիւնները 

  • Անիկա դիւրութեամբ չի բաժնուիր՝ պզտիկ վճարումներու համար: 
  • Անիկա դիւրին փոխադրելի չէ (փորձեցէք քանի մը քիլոկրամ երկրէն դուրս հանել): 
  • Անիկա միաթուային (տիճիթըլ) չէ: 
  • Անոր փոխադրութիւնը շատ դանդաղ եւ ծախսալից է: 
  • Զանիկա ապահով ձեւով մթերելը կամ պահելը շատ ծախսալից է: 
  • Անիկա կեդրոնացուած է: 
  • Անիկա առգրաւուած է կառավարութիւններու կողմէ (Օրէնք 6102): 

Անոր շատ մը սահմանափակումները յաղթահարելու համար ոսկիով պաշտպանուած թղթադրամներ ստեղծուեցան: Ատիկա կարելի դարձուց, որ մարդիկ աւելի դիւրութեամբ առեւտուր ընեն, աւելի պզտիկ մասերու վերածելով արժէքաւոր բանը եւ ապա միաթուային (տիճիթըլ) ձեւով, սակայն ատիկա ալ նոր սահմանափակումներ յառաջ բերաւ. Վստահելի Երրորդ Կողմեր (ինչպէս օրինակ՝ դրամատուներ, փաստաբաններ, միջնորդներ- Թարգմանիչ): Պիթքօյնը կը յաղթահարէ ոսկիի թերութիւնները՝ առա՛նց երրորդ կողմի: Ատիկա իրապէս հիանալի է: 

1971-ին Նախագահ Նիքսընի կողմէ տոլարի արժէքը ոսկիի դիմաց որոշուելու օրէնքին վերցուելէն ի վեր, տոլարը դարձաւ դրամ եւ ոչ թղթադրամ: Դիւրին (դիւրութեամբ մատչելի) դրամ եւ ոչ կարծր դրամ (արժէքաւոր ապրանքով մը՝ ոսկի, արծաթ, արժեւորուող դրամ): Ոչ կայուն դրամ: (Կայուն դրամը այն դրամն է, որ ենթակայ չէ յանկարծակի արժեւորումի եւ արժեզրկումի- Թարգմանիչ🙂 

Ներկայիս մենք ունինք բազմաթիւ կառավարութիւններու թղթադրամներ, որոնք ոչ մէկ բանով պաշտպանուած են. կրնանք եզրակացնել, թէ ոսկին ձախողեցաւ: Եթէ աշխարհը նորէն դառնայ ոսկիի չափանիշին, ինչ որ անկարելի բան մըն է, ճիշդ նոյն բանը կրնայ պատահիլ յետագային եւս: Մենք պէտք ունինք աւելի լաւ լուծումի մը, եւ կայ այդպիսի լուծում մը, բայց հաւանական չէ, որ կառավարութիւնները կամաւորաբար Պիթքօյնը որդեգրեն (հակառակ անոր որ ատիկա կարելի է): Փոխարէնը, ինչպէս հռչակաւոր աւստրիացի տնտեսագէտ մը ըսաւ, եւ որ ներկայիս շատ հանրածանօթ խօսք մըն է Պիթքօյնի շրջանակներուն մէջ. 

«Ես չեմ հաւատար, որ մենք նորէն լաւ դրամ մը պիտի ունենանք նախքան որ կարելի ըլլայ զանիկա առնել կառավարութեան ձեռքէն: Այսինքն՝ մենք չենք կրնար զանիկա վայրագօրէն առնել կառավարութեան ձեռքէն, այլ՝ կրնանք խորամանկ դարձուածքով մը յառաջ բերել բան մը, զոր անիկա չի կրնար կեցընել»- Ֆրետրիք Հայէք 1984-ին: 

Հակառակ ոսկիէն շատ աւելի լաւ ըլլալուն, Պիթքօյնը իրապէս դրամ պիտի չըլլայ մինչեւ որ իբրեւ դրամ ընդունուի մարդոց մեծամասնութեան կողմէ: Ատիկա ժամանակ կ’առնէ: Պայման չէ, որ աշխարհի մէջ գրեթէ ամէն մարդ ՈՒՆԵՆԱՅ անկէ, որպէսզի անիկա դրամ համարուի, բայց աշխարհի մէջ գրեթէ ամէն մարդ պէտք է ՈՒԶԷ անիկա: Այդ է վերջին արգելքը Պիթքօյնի: 

Ինչո՞ւ Կարեւոր է Պիթքօյնը 

Պիթքօյնը կարեւոր է, որովհետեւ մենք չունինք ազատ շուկայի դրամ: Մեր դրամը ստեղծուած է եւ կառավարուած է կառավարութիւններու եւ կեդրոնական դրամատուներու կողմէ, եւ այդ հակակշիռը արտօնութիւն կու տայ անոնց, որ խլեն մարդոց ժամանակը հակառակ մեր կամքին՝ դրամ ստեղծելու միջոցաւ: Ատիկա մարդկային աղէտ մըն է, եւ մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին գործուած այդ անարդարութեան մասին աւելի բան գիտնալու համար, կը քաջալերեմ ձեզ, որ կարդաք Ռոպըրթ Պրիտլաւի շատ գեղեցիկ յօդուածը՝ «Դրամի Տէրեր եւ Ստրուկներ» («Մասթըրզ անտ Սլէյվզ աֆ Մանի») վերնագիրով: 

Շատ մը ուրիշ պատճառներով Պիթքօյնը կարեւոր է, բայց հետեւեալը մինչեւ հիմա ամէնէն կարեւորն է: Կան մարդիկ (ներառեալ յանձինս), որ կրնան պատկերացնել, որ ազատ շուկայի դրամով աշխարհ մը՝ առանց կեդրոնական դրամատուներու, պիտի ըլլայ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման աշխարհ մը: Ա՛յդ է երազը: 

Ազատ Շուկայի Դրամ Ընդդէմ Ապրանքով Փոխանակութիւն 

Ազատ շուկայի մը մէջ վերջաւորութեան պիտի ըլլայ միայն մէկ տեսակի դրամ: Եթէ ըլլան մէկէ աւելի տեսակի դրամներ, ատիկա պարզապէս շփումը պիտի աւելցնէ եւ պիտի տանի դէպի ապրանքով փոխանակութեան ձեւի առեւտուրի: Դրամը կը լուծէ ապրանքով փոխանակութեան հարցը: Եթէ ազատ շուկայի դրամը յաջողի, ապրանքով փոխանակութիւնը վերջաւորութեան պիտի անհետանայ: Նկատի առ, որ երկիրներուն մեծ մասը ունի կառավարութեան դրամ, որ ըստ օրէնքին պէտք է գործածուի լումայափոխութեան, պայմանագրութիւններ ընելու եւ տուրքեր վճարելու համար: Ատիկա ազատ շուկայի դրամ չէ, եւ ատոր համար է, որ շատ մը տեսակի դրամներ գոյութիւն ունին եւ ատոր համար է, որ օտար լումայափոխութիւնը անհրաժեշտ է միջազգային առեւտուրի համար: 

Հարստութիւն կուտակելու պարագային, անձ մը կը քաջալերուի ատիկա ընել այն դրամով, որ ամէնէն աւելի ընդունուած է եւ ոչ թէ երկրորդ ամէնէն աւելի ընդունուած դրամով: Այդ ճնշումը վերջաւորութեան պատճառ կ’ըլլայ, որ առաջին կարգի համարուող դրամը ներծծէ բոլոր արժեզրկուած հարստութեան պահեստները: Բայց ատիկա ժամանակ կ’առնէ: 

Ամփոփում 

Յուսամ ասիկա կ’օգնէ ձեզի, որ հասկնաք, թէ ճիշդ ի՛նչ է Պիթքօյնը եւ թէ ինչո՛ւ անիկա պարզապէս անարժէք խորհրդանշական բան մը չէ, որ «պաշտպանուած չէ որեւէ արժեքաւոր բանով», զոր կառավարութիւնները դիւրութեամբ կրնան կասեցնել: Ատիկա բնական առաջին տպաւորութիւնն է, բայց մինչ կը սկսիս քերթել մակերեսը, պիտի անդրադառնաս, որ անիկա սքանչելի բան մըն է: Յետագայի յօդուածներու մէջ պիտի գրեմ մարդոց սովորական հակառակութիւններուն մասին (կան շատ մը հակառակութիւններ) ինչպէս նաեւ անոնց համար իմ պատասխաններս: Նաեւ պիտի գրեմ այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք երեւան կ’ելլեն երբ որոշ ժամանակ արդէն հասկցած կ’ըլլաս Պիթքօյնը. ատոնք ալ հոյակապ հակաճառութիւններ ունին: 

Այս յօդուածը այդքան ալ գիտարուեստական (թեքնիքըլ) չէր: Երբ պատրաստ ըլլաս գիտարուեստական հասկացողութեամբ յաջորդ մակարդակ անցնելու, կը յանձնարարեմ Անտրէաս Անթոնոփուլոսի այս բացառիկ դասախօսութիւնը: Անոր նման ուրիշ մը չկայ: 

Ընդհանրապէս Պիթքօյնի մասին աւելի խորունկ հասկացողութիւն ունենալու համար, աչքէ անցուր հետեւեալ դասացուցակը, զոր ես ստեղծած եմ, ինչպէս նաեւ շարք մը ուրիշ ուսումնական յօդուածներ իմ պլոկիս blog վրայ: 

Ես նաեւ մատչելի եմ: հարցումներու պատասխանելու համար, եւ կրնաք ինծի հետ կապուիլ Թուիթըրի միջոցաւ՝ @parman_the‌‌‌‌:

թարգմանությունը՝ @MichelAbdoBTC-ի կողմից

Tips:

Static Lightning Address: dandysack84@walletofsatoshi.com


On-chain or Lightning

%d bloggers like this: